2015-05-21 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Քրիստոնեաներու շնորհքն ու պայքարը` ''մէկ ըլլալ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսին վէրքերը գինն է զոր Ան վճարեց որպէսզի եկեղեցին ըլլայ  միացած Իրեն եւ Աստուծոյ հետ։ Քրիստոնեաները այսօր կանչուած են հայցելու միութեան շնորհքը եւ պայքարելու որպէսզի իրենց միջեւ չտիրէ ''բաժանումի, պատերազմի եւ նախանձի'' հոգին։ Այս եղաւ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը, 21 մայիսի առաւօտեան` Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին։

''Յիսուսի ամենամեծ աղօթքն է որ ''Եկեղեցին ըլլայ միացած եւ քրիստոնեաները ըլլան մէկ` ինչպէս Յիսուս մէկ է իր Հօր հետ''։ Որքան մխիթարիչ է լսել Յիսուսը որ իր Հօր կ՛ըսէ թէ չուզեր աղօթել միայն իր աշակերտներուն համար այլեւ բոլոր անոնց որ Իրեն կը հաւատան անոնց քարոզութեան միջոցաւ։ Այս նախադասութիւնը յաճախ ունկնդրած ենք սակայն այնչափ ալ ուշադիր չենք եղած այդ բառերուն` ''Յիսուս աղօթեց ինծի համար։ Ասիկա յոյսի աղբիւր է. Ան կ՛աղօթէ ինծի համար, Հօր Աստուծոյ առջեւ ... Եւ Հայրը ի՞նչ կը տեսնէ։ կը տեսնէ Վէրքերը, գինը զոր Յիսուս վճարեց մեզի համար։ Յիսուս մեզի համար կ՛աղօթէ իր վէրքերուն միջոցաւ` իր վիրաւոր սրտով ու պիտի շարունակէ ընել այս մէկը։

Յիսուս կ՛աղօթէ ''իր ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ միութեան համար'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ  ''Յիսուս գիտակից է թէ աշխարհի հոգին, բաժանումի, պատերազմի եւ նախանձի հոգի է,  նոյնիսկ ընտանիքներէն ներս, նոյնիսկ կրօնաւոր հաս արկութիւններէն ներս, թեմերէն ներս, եւ համայն եկեղեցւոյ մէջ''։

Մենք ըլլալու ենք մէկ, ինչպէս Յիսուսն ու Հայրը մէկ են։ Այս է քրիստոնեաներու մարտահրաւէրը։ Թոյլ չտալ որ բաժանումի հոգին, ստախօսութեան հայրը` մեր մէջ մուտք գործէ։ Փնտռել միշտ միութիւնը։ Յիսուս քեզ ներեց` դուն ալ ներէ բոլորին։ Յիսուս կ՛աղօթէ որպէսզի մենք մէկ ըլլանք  եւ Եկեղեցին կարիքը ունի միութեան այս աղօթքին - ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ խորհրդածութեան աւարտին ակնարկեց Յիսուսի այլ թելադրանքին, այն է` ''մնալ Անոր մէջ''։ Այս կը յայտնուի Յիսուսին Հօր ուղղած աղօթքին մէջ` ''Հայր կ՛զուեմ որ անոնք որ ինծի տուիր մնան իմ հետս''։ Յիսուսի մէջ մնալ այս աշխարհին մէջ կը նշանակէ մնալ Անոր հետ որպէսզի տեսնենք Անոր փառքը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.